Ս․ ՍԱՀԱԿ ԵՒ Ս․ ՄԵՍՐՈՊ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանը հիմնադրուած է 1956 թուականին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ։ Ան, Թորոնթոյի ամենահին հայալեզու դպրոցն է։ Այժմ դպրոցը իր 68-րդ ուսումնական տարշրջանին կը ծաւալէ աշխոյժ կրթական գործունէութիւն։ 2022-ին աշակերտութեան թիւն էր 276, որոնցմէ շատերու ծնողները նոյն այս դպրոցի շրջանաւարտներն են։
Դպրոցը ունի մանկապարտէզէն մինչեւ 10-րդ դասարան։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ առանձին դասարաններով կ՚ուսուցանուին Արեւմտահայերէնն ու Արեւելահայերէնը, մինչ՝ 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններուն մէջ ուսուցումը կ՚իրագործուի թէ՛ Արեւելահայերէն եւ թէ՛ Արեւմտահայերէն միաժամանակ։
Դպրոցի առաքելութիւնն է ստեղծել այն միջավայրը, ուր աշակերտները հնարաւորութիւն կ՚ունենան կապ հաստատելու իրենց հայկական ժառանգութեան հետ, ուսումնասիրելով անոր հարուստ եւ բազմաբնոյթ մշակոյթը, Հայոց պատմութիւնը, արուեստը, գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը՝ Հայոց լեզուի սերտողութեան ընդմէջէն։
Դպրոցի տեսլականն է խթանել/քաջալերել հայեցի կրթութիւնը, պահպանելու համար Հայ հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը, ինչպէս նաեւ պատրաստել ապագայի այն ղեկավարները, որոնք կը հպարտանան իրենց հայկական ժառանգութեամբ ու հայ համայնքէն եւ հասարակութեան լայն շրջանակներէն ներս կը կատարեն արժէքաւոր ներդրումներ։