«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան.

Երկիրը ուսեալ զաւակին է փայփայում մօր պէս,
Անկիրթ ցեղերը թափառական` կու գան ու կ՚երթան,
Աշխարհը հիւրանոց է, Ջիւան, մարդիկը` հիւր են,
Այսպէս է կանոնը բնական` կու գան ու կ՚երթան:»

Սիրելիներ,
2020-ը կորուստի տարի եղաւ համաճարակի և պատերազմի պատճառներով, յատկապէս հայերուս համար։
Աշուղ Ջիւանիի վերը յիշուած տողերը այնքան ճիշդ ցոլացումն են այսօրուան հայ մարդուն ապրած զգացումներուն եւ վիճակին։ Սակայն իմացէ՛ք, Հայը միշտ ալ յաջողած է կրկին ոտքի կանգնիլ։

Եկէ՛ք, 2021-ը յայտարարենք վերականգման տարի։ Զօրանանք անհատապէս, զօրանանք որպէս ընտանիք, հզօրանանք որպէս ԱԶԳ։
Ուսումով, հաւատքով ու յոյսով զինուած՝ վերահաստատենք վերականգնելու մեր կամքը՝ ամուր կառչելով մեր արմատներուն։ Գիտակցաբար եւ աւելի աշխուժութեամբ փոխանցենք հայ լեզուն, մշակոյթն ու կրօնը յաջորդ սերունդին։
Զօրանանք որպէս Սփիւռք, չմոռնալով թեւ-ու-թիկունք ըլլալ մեր Հայրենիքին։ Հաստատ և շարունակական կապեր պահենք մեր գաղութին հետ՝ հաւատալով որ Սփիւռքը որպէս միասնութիւն մեր ուժն ու հայակերտման ու հայապահպանման գլխաւոր ամրոցն է։

Դարերու ընթացքին, եկեղեցին ու դպրոցը եղած են մեր ինքնութիւնը կերտելու կառոյցները, երբ չենք ունեցած ազատ պետականութիւն եւ իշխանութիւն։ Հետեւաբար, մեր եկեղեցիներուն հետ վերահաստատենք մեր կապերը։ Շարունակենք անոնց կառչիլ մասնակցելով հոն կազմակերպուած ծրագիրներուն։ Քաջալերենք զիրար, ապագան դարբնելու և ծրագիրները իմաստութեամբ կեանքի կոչելու նպատակով։

Պատրաստ ըլլանք ոչ թէ միայն դիմագրաւելու դժուարութիւնները, այլ նաեւ ստեղծելու նոր ծրագիրներ եւ առիթներ, որպէսզի յաջորդող սերունդները շարունակեն ըլլալ հայասէր և փափաքին ստանձնել հայապահպանութեան դժուար, սակայն սուրբ աշխատանքը։
Միշտ յիշենք, որ 100 տարիներ առաջ, Սփիւռքը կազմաւորողները երիտասարդներն ու նոյնիսկ ցեղասպանութենէ վերապրող որբերն էին։
Առիթ տանք նոր սերունդին, որ իրենց ներդրումը բերեն մեր ազգի ապագան կերտելու հսկայական գործին մէջ։ Վստահինք անոնց, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին վերականգման յոյս ու հաւատք ներշնչեն մեր բոլորին սրտերուն և հոգիներուն մէջ։
Քալենք դէպի յառաջ։ Բարձրանանք նոր վերելքներ։

Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ առիթներու նախօրեակին, Տնօրէնութեան և Խորհրդական Մարմնի կողմէ ընդունեցէք մեր լաւագոյն մաղթանքները։
Ըլլաք առողջ, մնաք հանդարտ, ու շատ բարի տօնական օրեր անցնէք այս ձմեռնային արձակուրդի ընթացքին։

Դպրոցը փակ է ու կը վերաբացուի Յունուար 9, 2021-ին:
The school is closed for Winter Break.
Online classes will resume on January 9, 2021
Have a restful and peaceful holiday.
Merry Christmas and may the New Year be happy and healthy.

P.S. Access to the 2019-2020 yearbook will end on Dec 31, 2020. You could download the book from https://issuu.com/stsahagstmesrobarmenainschool/docs/yb20_issuu_20200725