Շաբաթօրեայ Վարժարանի հիմնական նպատակն է զարգացնել աշակերտին հայերէն լեզուով արտայայտուելու կարողութիւնը եւ արմատաւորել անոր մէջ սէր ու յարգանք հանդէպ հայ մշակոյթին։ Ուսուցիչ, աշակերտ, ծնողք փոխ համագործակցութեամբ առիթը կը ստեղծուի հիմնաւորելու իմաստալից հաղորդակցութեան եւ դասաւանդութեան հայերէն լեզուով, որոնք սերտօրէն կ՚առընչուին իրար հետ, որպէս համայնք։

Շաբաթօրեայ վարժարանը կը ստեղծէ դրական և քաջալերական մթնոլորտ մը, ուր աշակերտները հանգիստ զգալով կը ներշնչուին եւ կ՚ընդլայնեն իրենց սորվելու կարողութիւնն ու լեզուական բառապաշարը։ Վերջապէս, շաբաթօրեան կը նկատուի այն տունը, ուր կը մատակարարուի հայեցի դաստիարակութիւն եւ գիտելիք հայ աշակերտին։

Ուսումնական մեր ծրագրի կարեւոր բաղկացուցիչ տարրերն են՝ կարդալը, գրելը, ըմբռնելը, և հաղորդակցիլը, հայերէնով: Այնուամենայնիւ, դասածրագիրը մասնաւորաբար կը կեդրոնանայ բանաւոր խօսքին վրայ՝ նպատակ ունենալով դիւրացնել խօսակցական լեզուի հասկացողութիւնը, որպէս հիմնարարը լեզուական հմտութեան։ Կը հաւատանք, թէ հաղորդակցական նիւթերը պէտք է հիմնուած ըլլան մեր առօրեայ կեանքի նիւթերով եւ բառերով, որոնք հասանելի եւ իմաստալից ըլլան աշակերտին։ Հետեւաբար, աշակերտը կարող պիտի ըլլայ գործածելու զանոնք թէ՛ իր ընտանիքին, եւ թէ՛ իր ընկերներուն հետ։ Նաեւ, երբ դասարանի մատուցուած նիւթը հետաքրքէ աշակերտը, ան համարձակութեամբ պիտի սկսի գործածել զայն հայերէնով։ Ուրեմն, դասագիրքերու էջերը կարդալը և քերականական աշխատանքներ կատարելը պէտք է ըլլան սահմանափակ։

Ուսուցիչին պատասխանատուութիւնն է պատրաստել բազմատեսակ դասաւանդման ձեւեր՝ նկատի ունենանլով աշակերտներուն սորվելու տարբեր կարողութիւնները։ Ուսուցիչները հարկ է որ գործածեն հետեւեալ այլազան մեթոտները.— փորձառական կամ գործադրական (experiential or action learning/teaching), համագործակցային (collaborative learning/teaching), փոխադարձական կամ փոխ-գործակցային (interactive learning/teaching), աջակցական (scaffolded learning), ընկերակցական (peer learning), արտածագուած (emergent teaching), եւ ծրագրահիմն (project-based learning/teaching) ուսուցումներ։

Փորձառական (experiential) դասաւանդութիւնը ձեռք կը բերուի գործնական աշխատանքներով, խաղով, թատերգութեամբ, գեղարուեստով եւ դասարանէ դուրս հետախուզումներով։
Համագործակցային (collaborative) ուսուցումը կը նպաստէ խմբային աշխատանքներուն։ Ուսուցիչ ու աշակերտներ միասնաբար որոշումներ կ՚առնեն ու հարցեր կը լուծեն։ Օրինակ՝ թատերգութիւն գրելն ու փորձեր ընելը, տոհմածառեր պատրաստելը, Մշակոյթի օրուայ, Վարդանանցի, և Ապրիլ 24-ի համար պաստառներ պատրաստելը։
Փոխադարձական կամ փոխ-գործակցային (interactive) մեթոտը կը քաջալերէ խմբային աշխատանքներու կիրառումը։ Օրինակ՝ աշակերտները միասնաբար նիւթեր կը քննարկեն, դերեր կը խաղան, արուեստով կը զբաղին եւ նիւթեր կը ներգրաւեն։ Այստեղ դասախօսութիւնները կը վերածուին քննարկումներու, ուսանողներն ու ուսուցիչները կը դառնան գործընկերներ երբ գիտելիքները ձեռք կը բերեն միասնաբար։ Այս մեթոտը կը կոչուի աշակերտակեդրոն, քան՝ ուսուցողակեդրոն, որը կ՚ընդլայնէ աշակերտին երևակայութիւնը և կ՚ամրապնդէ ու կը զարգացնէ անոր քննադատական մտածողութիւնը և խնդիրներ լուծելու հմտութիւնը:
Աջակցական (scaffolded) ուսուցումը նկատի կ՚առնէ աշակերտին նախնական գիտելիքները, ըմբռնման մակարդակը, և անոր լեզուի իմացութիւնը։ Այս մեթոդը կ՚օգտագործուի աստիճանաբար բարելաւելու համար աշակերտին սորվելու կարողութիւնները, մինչև որ ան կարող կ՚ըլլայ սորվելու ինքնուրոյնօրէն:
Ընկերակցական (peer learning) ուսուցումը աջակցութեամբ սորվելու մեթոտն է երբ յառաջադեմ աշակերտները կ՚օգնեն իրենց դասընկերներուն։ Ընդհանրապէս եւ միշտ ուսանողները աւելի ընդունակ են սորվելու իրենց հասակակիցներէն, քան՝ իրենց ուսուցիչներէն, կամ՝ ծնողքէն:
Արտածագուած (emergent teaching) ուսուցման ընթացքին ուսուցիչը կը ստեղծէ միջավայր մը , ուր աշակերտները կը հետաքրքրուին մատուցուած նիւթերով։ Ապա, ուսուցիչի ցուցմունքներով, աշակերտները իրենց նոր գաղափարներով դասապահը կը վարեն ինքնավստահօրէն։ Յայտնաբերելէ ետք ուսանողներուն նախընտրած թեման, ուսուցիչը կը խորհրդակցի անոնց հետ ու կ՚առաջնորդէ դասարանային աշխատանքը հեզասահօրէն։
Ծրագրահիմն (project-based learning/teaching) ուսուցումը հիմնուած է ծրագիրներ պատրաստելու վրայ։ Ծրագիրները կ՚որոշուին ըստ աշակերտներու հետաքրքրութեան և կարողութեան հիման վրայ ։ Անձնական և խմբային պրպտումներով ուսանողները ձեռք կը բերեն գիտելիքներ և կը զարգացնեն իրենց հմտությունները։ Անոնք կ՚ուսումնասիրեն իրական աշխարհի խնդիրները, բարդ հարցերն ու մարտահրաւերները, ապա կը կազմակերպեն իրենց բացայայտութիւնները եւ կը պատրաստեն ներկայացնումներ։ Նախապայման է, որ նախագիծերը ըլլան իմաստալից և հետաքրքրական ուսանողներուն համար՝ զարգացնելու համար անոնց սորվելու ցանկութիւնը։

Վերեւ յիշուած բոլոր ուսուցողական ձեւերուն համար քաջալերելի է զարգացնել բազմա-զգացական ձեւով (multi-sensory approach) սորվեցնելու մեթոտը։ Օրինակ՝ տեսողականը զարգացնել գեղարուեստի միջոցաւ՝ լսելով երգեր և պատմութիւններ, շօշափելով իրեր, և կիրառկել ֆիզիքական շարժումներ։ Ուսուցման համար օգտաշատ է նաեւ զանազան թեմաներու օգտագործումը։ Օրինակ՝ հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, երաժշտութիւն, արուեստ եւ թատրոն:

Դասաւանդութիւնն ու սորվիլը կը նկատուին երկ-կողմանի աշխատանքներ։ Լաւագոյն կերպով կ՚ուսուցանենք երբ կը համագործակցինք գործակիցներու հետ։ Նոյնպէս երեխաները յաջողութեամբ կը սորվին երբ կը համագործակցին դասընկերներու հետ։ Երբ կ՚աշխատինք փոխ-կապակցաբար, կը հաստատենք գործ-ընկերային յարաբերութիւններ ուսանողներու, ուսուցիչներու, և ծնողներու հետ։ Այնուհետեւ, սորվելու և սորվածը վերյիշելու մակարդակը շատ աւելի կը բարձրանայ:

Ի՞նչ են ուսուցանելու և սորվելու ակնկալութիւնները.—
1) Հարկ է որ ուսուցիչները հանդէս գան այնպիսի ծրագիրներով, որոնք օգնեն զարգացնել երեխաներուն ընկերային, զգացողական և ակադեմական կարողութիւնները։ Երեխաներու տարբեր մակարդակներու սորվելու կարողութիւնները անհրաժեշտ է որ նկատի առնուին եւ լուծուին համակողմանիօրէն (holistically), որպէսզի անոնք ուրախութեամբ, հետաքրքրութեամբ, հեշտութեամբ, և յաջողութեամբ մասնակից դառնան դասարանային աշխատանքներուն։
2) Որպէս Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ Շաբաթօրեայ Վարժարանի ուսուցչական կազմ, կը գիտակցինք այն իրողութեան, թէ աշակերտներուն մեծամասնութեան առաջին լեզուն կը նկատուի անգլերէնը և ոչ՝ հայերէնը։ Հետեւաբար, հարկ պէտք է զգանք ստեղծելու դասարանային այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր աշակերտներուն տրամադրուի այլազան առիթներ՝ շփուելու ընկերներու հետ, լսելու, մտիկ ընելու, խօսելու, խաղալու, և կատարելու դասարանային աշխատանքներ, միասնաբար։ Հետեւաբար, ուսուցման հիմքը պէտք է հանդիսանայ հաղորդակցութիւնը, որ հարկ է կեդրոնանայ խօսելու և լսելու վրայ։
3) Կարելի է որ դասարանները ընդգրկեն սորվելու տարբեր կարողութիւններով աշակերտներ, որոնք իրենց իւրայատկութեամբ դասարանին փոխանցեն տարբեր ու նոր գիտելիքներ։ Ուստի, ուսուցիչները պատրաստ պէտք է ըլլան գործակցելու զանազան մակարդակի եւ պատկանելիութեան տէր աշակերտներուն հետ եւ համապատասխանաբար փոխեն իրենց դասաւանդման ձեւն ու ակնկալութիւնները, հայթայթելով իրենց տարբեր մակարդակներու՝ պարզեցուած, միջին, կամ յառաջադէմ աշխատանքներ:

Օնթարիոյի Կրթութեան Նախարարութիւնը կ՚առաջարկէ, որ լեզուի ուսուցիչները նկատի առնեն հետևեալ կէտերը.—
– Ուսուցանել այնպիսի յարմարաւէտ նիւթեր, որոնք կը զարգացնեն աշակերտին մտածելակերպը։
– Աշակերտներէն պահանջել այնպիսի աշխատանքներ, որոնք ըլլան իրենց տարիքին յարմար, իմաստալից և նպատակասլաց:
– Ուսուցիչէն եւ ընկերներէն ստանալ շարունակական, նկարագրական և քաջալերական արձագանքներ իրենց անձին նկատմամբ եւ փոխարէնը՝ կ՚իրառկեն նոյնը ուրիշներու նկատմամբ։
– Ստեղծել դասարանային այն միջավայրը, ուր աշակերտները հնարաւորութիւն ունենան ստանալու տարբեր ակնարկներ իրենց դասընկերներէն եւ հաստատեն դրական կապ իրար հետ:
– Առիթներ ստեղծել աշակերտներուն համար՝ ցուցադրելու իրենց աշխատանքը եւ սորվածը:
– Քաջալերել աշակերտները արժեւորելու իրենց սորվածը եւ վարժեցնել զանոնք ինքնագնահատման։
– Տրամադրել համապատասխան ժամանակ՝ քաջալերելու աշակերտները հաղորդակցելու իրար հետ։
– Թոյլատրել աշակերտները արտայայտուելու տարբեր գաղափարներու մասին՝ ըստ իրենց կարողութիւններուն եւ նախասիրած ոճին։
– Ներկայացնել գործնական վարժութիւններ կամ պարզեցուած ուսուցման աշխատանքներ, որոնք կ՚օգնեն ամրապնդելու աշակերտին ուսուցումը եւ ըմբռնումը տուեալ նիւթին հետ կապուած:
– Կատարելագործել դասաւանդման կամ դասածրագիր պատրաստելու ձեւերը՝ օգտագործելով շարունակական ու յարատեւ սորվելու գաղափարը եւ կ՚իրառկելով անձնաքննարկման ու սրբագրման մօտեցումը։

Գործնական առաջարկներ.—
– Ջանալ աշակերտին հետաքրքրութեան մակարդակը բարձր պահել ուսուցման այն վարժութիւններու նկատմամբ, որոնց մատուցման տեւողութիւնը կարճ է։
– Քաջալերել խօսք առնելու եւ համարձակօրէն արտայայտուելու գաղափարը՝ վստահեցնելով աշակերտին, թէ սխալելով է որ կը սորվինք։ Հետեւեաբար, ստեղծել անդատապարտելի եւ անխտրական միջավայր մը, որ կ՚օգնէ զարգացնելու եւ ամրապնդելու աշակերտին սորվելու ունակութիւնը։
– Թույլատրել աշակերտներուն աւարտել խօսքը նախքան անոնց սխալները ուղղելը: Խուսափիլ ընդհատել աշակերտը՝ մտածելու և արտայայտուելու պահուն։
– Զրոյցներու ընթացքին, բանաւոր հաղորդակցութեան ձեւերու կիրառկումը (modeling) կը նուազեցնէ աշակերտներու մօտ սխալներ շտկելու անհրաժեշտութիւնը:
– Օգտագործել քաջալերանքը, որպէս դրական միջոց, ինչպէս՝ բանաւոր գովասանքը («Շատ լաւ աշխատանք տարիր», «Գերազանց» High five, thumbs up, a smile, a nod), շօշափելի իրերու օգտագործում (բարենիշ, նախընտրած խաղ, միասին ցատկել, քրքիջ):
– Դրական քաջալերանքով կ՚ամրապնդուի ցանկալի վարքը, որ կը զարգացնէ ինքնավստահութիւնը, հոգեկան աճն ու անձին բարեկեցութիւնը:
(Many roots: A practical guide for Ontario Educators)

Արդիւնաւէտ ուսուցման ձեւեր.—
– Ըլլալ դրական, յարգալից, եւ ամէնակարեւորը՝ պատրաստուած։
– Ըլլալ խանդավառ: Այդ վարակիչ է!
– Լաւ ճանչնալ աշակերտները և ըլլալ ընկերային, բայց ո՛չ շատ մտերիմ: Յաճախ ուսուցիչ-ընկեր ըսելաձեւն ու հասկացողութիւնը յստակօրէն ընկալելի չի դառնար շատ մը աշակերտներու մօտ։
– Ջանալ դասածրագիրներուն մէջ ներառնել «զուարճալի» աշխատանքներ, որոնք միշտ առընչուին իրական աշխարհին հետ՝ աշակերտներուն մօտ դիւրացնելու համար նիւթի հասկացողութիւնը:
– Ճկուն ըլլալ դասաւանդման ժամանակ փոխելու դասի ծրագիրները: Կարելի չէ դասերը միշտ ներկայացնել այնպէս ինչպէս որ նախապատրաստուած են:
– Համեստօրէն ընդուիլ երբ սխալած էք, կամ՝ չէք գիտեր հարցումի մը պատասխանը: Աշակերտները միշտ դրականօրէն կ՚ընդունին ուսուցիչի կողմէ ներկայացուած ոեւէ մէկ ազնիւ կեցուածք: «Լաւ ուսուցիչը» ան է, որ երբեք չի դադրիր սորվելէ:
– Անկեղծ ըլլալ անձիդ նկատմամբ աշակերտին դիմաց (be yourself), որպէսզի անոնք նոյնպէս հասկնան, թէ իրենք ալ կարող են վարուիլ նոյն ձեւով՝ ազնուաբար, իրենք իրենց անձին նկատմամբ, եւ այդ մէկը նկատեն բնական:
– Խրախուսել ազնուութիւնը, բաց և պարզ ըլլալը, խոնարհութիւնը, յարգանքը և հոգատարութիւնը:
– Խօսիլ դասարանի կանոններուն մասին: Աշակերտներուն հետ պատրաստել ցուցակ մը և տեղադրել զայն դասարանին մէջ։