Սիրելի ծնողներ եւ աշակերտներ,

Անցած քանի մը ամիսներուն մեծ ուրախութիւն էր զգալ ձեր բոլորին ներկայութիւնը նոյնիսկ առցանց դասապահերու ընթացքին։ Հպարտ ենք ձեր բոլորին տարած աշխատանքով։ Մեր դպրոցի մեծ ընտանիքի անդամներ՝ աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ եւ վարչակազմ, ապրի՛ք, կը գնահատենք ձեր անձնուէր աշխատանքը, որ միշտ արդիւնաբեր է եւ տարուէ տարի կ՚աճի ու մեր սիրելի դպրոցը կը հասցնէ աւելի բարձր մակարդակի։ Եկէ՛ք ընդունինք, որ միասնաբար կրկին անգամ յաղթայարեցինք դժուար պայմանները մնալով միշտ լաւատես ու զօրաւոր։

Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի այս ուրախ օրերուն, մեր աղօթքները եւ բարի մաղթանքները ձեր բոլորին համար են։

Սիրելի աշակերտներ, վայելեցէք ձմեռնային արձակուրդը ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն հետ մինչեւ կրկին հանդիպում։

Շաբաթօրեայ վարժարանը փակ է Դեկտեմբեր 25-ին եւ Յունուար 1-ին։ Դասապահերը կը վերսկսին Յունուար 8, 2022-ին։

Կարօտով կը սպասենք բոլորդ երկրորդ կիսամեակին։

Ընդունեցէք մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

Տնօրէնութիւն՝
Արփի Փանոսեան Մըթարթ
Արա Տէր Յարութիւնեան
Պէթթի Փանոսեան